2008-11-01 14:21:39

Նորվեկիան Պատուիրակութիւնը կ՝այցելէ Հալէպի Ազգային Առաջնորդարան՝`


 Նորվեկիան Լուտերական Եկեղեցւոյ եկեղեցական պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելեց Հալէպի Ազգ. Առաջնորդարան եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Առաջնորդ Շահան Սրբազան Սարգիսեանի հետ։ Անոնք կու գային հիւսիսային Եւրոպայէն, մօտէն ծանօթանալու, լաւապէս ճանչնալու եւ նոր յարաբերութիւններ մշակելու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն, յատկապէս հայութեան ու հայ եկեղեցիներուն հետ։ Անոնց կ՚ ընկերանար Վերպ. Յարութիւն Սելիմեան՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետը։ Առաջնորդ Սրբազանը անոնց ներկայացուց Հայ Եկեղեցին իր անցեալով ու ներկայով, մասնաւորաբար խօսեցաւ Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ անոր առաքելութեան եւ քրիստոնէական վկայութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ դարուս մարտահրաւէրներուն, թեմական կազմակերպ կեանքին ու ծառայութեան։ Թեմակալ Առաջնորդը լուսաբանական բացատրութիւններ տուաւ իրեն ուղղուած հարցումներուն։ Պատուիրակութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ու գոհունակութեամբ այցելեց Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին եւ Զարեհեան գանձատունը։








All the contents on this site are copyrighted ©.